2015-07-21 09:06:00

Վատիկանի մէջ մեծագոյն հաւաքը` աշխարհի քաղաքապետերու։


(Ռատիօ Վատիկան) Յուլիս 21-ին եւ 22-ին, աշխարհի մեծ քաղաքներու քաղաքապետերը­,  Վատիկան ժամանած են, մասնակցելու գիտութեանց ու ընկերային գիտութեանց քահանայապետական կաճարներու նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած խորհրդաժողովին որուն նիւթն է ‘’բարօրութիւն, ժողովուրդներ  ու մոլորակներ’’։

Նիւ Եորքի քաղաքապետը` տիար Պիլ Տէ Պլազիօ մեկնաբանելով հաւաքին նպատակը ըսաւ. Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը  համաշխարհին  ղեկավար մըն է­,  կլիմայի յեղաշրջումին ու եկամուտի անհաւասարութեան հայող հարցերուն, որոնք աշխարհի քաղաքներուն համար կը ներկայացնեն ամենամեծ մարտահրաւէրները''։

''Քաղաքապետերու հանդիպումը պիտի կեդրոնանայ  այն հարցումին թէ ի՞նչպէս քաղաքները, կրօնական հասարակութիւնները ու այլ հասարակութիւններու պետեր`  կարող պիտի ըլլան ազդու օրէն համագործակցիլ  հակազդելու ապականութեան ու պայքարելու ապագայ սերունդներու աղքատացումին երեւոյթին դէմ'' կը գրեն քաղաքապետերը։

Փարիզի քաղաքապետ տիկին Ան Հիտալկօ իր համոզումը յայտնած է թէ հարկաւոր է դիմագրաւել թէ արդի ստրկութեան գրաւը եւ թէ  կլիմայի փոփոխութիւնները,  միացնելով տեղական հասարակութիւններու քաղաքական ու հոգեւոր ոյժերը։

21 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 5-ին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը  հանդիպում կ՛ունենայ համային աշխարհէն եկած մեծ քաղաքներու քաղաքապետերուն հետ անոնց ուղղելով ճառ մը։ 

22 Յուլիսին քաղաքապետները պիտի մասնակցին այլ հանդիպումի մը` կազմակերպուած ՄԱԿ-ի համագործակցութեամբ,  որուն նիւթն է ''քաղաքներուն մէջ մնայուն զարգացումը''։

Յայտնենք որ քահանայապետական գիտութեանց ու ընկերային գիտութեանց կաճարները 25 տարիէ ի վեր յանձնառու են կլիմայի փոփոխութեան հարցին նկատմամբ, փորձելով հարցին շուրջ զգայնութիւն արթնցնել։ Կաճառները նաեւ կը պայքարին ստրկութեան երեւոյթին դէմ, նկատի առնելով որ աշխարհի մէջ անոնց թիւը հասած է 25 միլիոնի։

ֆրանչիսկոս Քահանայապետի խնդրանքին վրայ գերապայծառ Սորոնտօ`Քահանայապետական ակադեմիայի դիւանապետը,   բազմաթիւ հանդիպումներ կազմակերպած է  եպիսկոպոսներու ու ոստիկանութեան միջեւ, նոյնպէս հանդիպումներ կազմակերպած է կրօնապետերու միջեւ, որոնք` անցեալ Դեկտեմբեր 2014-ին , միացեալ յայտարարութիւն մը ստորագրած են դատապարտելով  ստրկութիւնը։

Կը նախատեսուի որ  քաղաքապետերը  իրենց կարգին ստորագրեն վերոյիշեալ յայտարարութիւնը ու այդ ուղղութեամբ դրական յանձնառումներ որդեգրեն։








All the contents on this site are copyrighted ©.